2014-04-09 12:53:58

''Ոչ եւս պատերազմ...ոչ եւս քանդում''` Ֆրանչիսկոս Պապի կոչը Սուրիոյ խաղաղութեան ի նպաստ:


Չորեքշաբթի, 9 ապրիլին, , չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղեց Սուրիոյ խաղաղութեան համար։
Կոչին մէջ Նորին Սրբութիւնը ոգեկոչելով Հայր Ֆրանզ Վան տէր Լաթ-ի սպաննութինը ըսաւ.` ''Անցեալ երկուշաբթի օր, Սուրիոյ Հոմս քաղաքին մէջ սպաննուեցաւ իմ եղբայրակիցս, 75 տարեկան, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ` Հայր Ֆրանզ Վան տէր Լաթը, որ 50 տարի առաջ ժամանած էր Սուրիա, ձրիաբար եւ սիրով բարիք ըրած է բոլորին, հետեւաբար սիրուած էր բոլորին կողմէ՝ ըլլայ Քրիստոնեաներէն ըլլայ Մահմետականներէն ։
Այս ողբալի լուրը, սիրտս ճմլեց եւ ինծի մտածել տուաւ, թէ տակաւին բազմաթիւ անձեր կը տառապին եւ կը մեռնին շատ սիրեցեալ Սուրիոյ մէջ որ երկար ժամանակէ ի վեր թիրախ է արիւնահոս պայքարներու։ Կը մտածեմ նաեւ, քրիստոնեայ, իսլամ առեւանգուած անձերուն, որոնց մէջ կը գտնուին նաեւ եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ ։ Կ'աղօթեմ Աստուծոյ, որպէսզի անոնք շուտով վերադառնան իրենց հարազատներուն մօտ։
''Սրտանց կը խնդրեմ ձեզմէ, միանալ իմ աղօթքներուս՝ Սուրիոյ եւ շրջանի խաղաղութեան համար, եւ կոչ կ'ուղղեմ միջազգային հասարակութեան եւ Սուրիոյ բոլոր պատասխանատուներուն, որպէսզի վար առնուին զէնքերը, եւ վերջ դրուին բռնութիւններուն'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա բացագանչեց` ''Ոչ եւս պատերազմ'' եւ ''ոչ եւս քանդում''. Թող յարգուին մարդկային իրաւունքները. Թող ապահովուին ժողովուդին կարիքները եւ երկխօսութեան ու համերաշխութեան ճանապարհով հաստատուի՝ խաղաղութինը։








All the contents on this site are copyrighted ©.